Հասկնալ խոր կապը որ Առաջին Ազգերը ունին հողին հետ

Single hand of a Young Indigenous girl on the rocks

Understanding the profound connections First Nations have with the land. Vick Smith/Getty Images Source: Moment RF / Vicki Smith/Getty Images

Հողը խոր հոգեկան նշանակութիւն ունի Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի կղզեցի ժողովուրդներուն համար, միահիւսուած իրենց ինքնութեան, պատկանելիութեան և ապրելակերպին հետ:


ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Հողը անբաժանելի մասն է Առաջին Ժողովուրդներու մարդոց, կազմելով իրենց ինքնութիւնը և պատկանելիութեան զգացումը:
  • Կապը առաջ կ’ուգայ պատմութիւններէն որոնք սերունդներէ փոխանցուած են:
  • Մէկը պէտք է այցելէ սուրբ տեղեր միայն այդ տեղի գիտակցութեամբ և նշանակութեամբ
Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներ Աւստրալիա բնակած են նուազագոյնը 60,000 տարիներ, յարմարելով փոփոխուող բնութեան: 

Աունթի Տէյտրի Մարթին, Ուալպանկա կին մըն է Եուին Ազգեն, և յարգուած երեց մըն է: Ան նաեւ Ապօրիճին յայտնաբերումի անտառապահ մըն է Ազգային Զբօսայգիներու և Կենդանի Բնութեան Ծառայութեան մօտ Նիու Սաութ Ուելսի շրջանին մէջ: 

Աունթի Տէյտրիի համաձայն, հողը միաւոր մը չէ որ կարելի է ունենալ այլ իր անբաժանելի մէկ մասն է որ պէտք է յարգուի և խնամուի:
Մենք չենք կրնար և երբեք պիտի չկարենանք սեփականատէրը ըլլալ հողին: Մենք պարտականութիւն ունինք պաշտպանելու հողը: Մեր հողն է որ մեզի կը տրամադրէ ուտելիք, ջուր, պատսպարան և այլ աներաժեշտութիւններ:
Aunty Deidre Martin
“Հողը եզրոյթ մըն է, բայց կը հոսի մեր երակներուն մէջէն: Մեր առաջին շունչն է և մեր վերջինը պիտի ըլլայ,” կ’ըսէ ան:
Aunty Deidre Martin.jpg
Aunty Deidre Martin is an Aboriginal discovery ranger. Credit: Aunty Deidre Martin.
Աունթի Տէյտրի Մարթին կ’ըսէ որ կապը այնքան խոր է որ իր հողի մօտիկութիւնը բաւարար է պատկանելիութեան զգացում յառաջացնելու համար: 

“Երբ Սիտնիէն տուն կը ճամբորդեմ, հազիւ կը հասնիմ Քիամայի դարձուածքը, վարը ծովափը կը նայիմ և պատկանելիութեան զգացումը զիս կը համակէ, և ես կը մտածեմ… տունն եմ,” կ’աւելցնէ ան: 

Տեզմընտ Քէմպըլ, հպարտ Կուրինճի և Ալաուա-Նալաքան մարդ մըն է Հիւսիսային Հողամասէն, ան նման զգացումներ կ’արտայայտէ երբ իր հողը կը վերադառնայ: 

Ան Գործադիր Տնօրէնն է Սիտնիի մէջ կեդրոնատեղին ունեցող կազմակերպութեան: Ան, կ’ըսէ որ փշաքաղութիւն կը զգայ միայն մտածելով որ կը գտնուի իր Երկրին մէջ: 

“Հակառակ որ մենք մշտապէս այնտեղ չմեծցանք, կը թուի թէ այնտեղ էինք միայն երեկ: Իսկապէս ընտանի է մեզի համար: Ապահով կը զգամ,” կը բացատրէ Պարոն Քէմպըլ: 

Մինչ կապը իր Երկրին հետ կը մնայ անխախտ հակառակ հեռաւորութեան, Պարոն Քէմպըլ կը շեշտէ իր պապենական հողերը կանոնաւոր վերադառնալու կարեւորութիւնը, ոչ միայն իր մշակոյթով և լեզուով զբաղելու համար այլ նաեւ խոր հոգեկան կապին համար որ ինք կը զգայ: 

“Զիս կը գոհացնէ, հոգիս կը լեցնէ: Թոյլ կ’ուտայ ինծի որ ապրիմ Սիտնիի պէս տեղ մը և աշխատիմ կազմակերպութեան մը համար ինչպէս Welcome to County … Պէտք է պահպանեմ մշակոյթս և լեզուս և ունենամ այդ անկեղծութիւնը: Ես կրնամ այդ ընել միայն տուն երթալով ժամանակ առ ժամանակ,” կ’ըսէ ան:
Desmond_bio photo.JPG
CEO of Welcome to Country, Desmond Campbell. Credit: Desmond Campbell.

Պատմութիւններ հողի մասին

Կապը առաջ կ’ուգայ պատմութիւններէն որոնք առաջ եկած են սերունդներէ, կը բացատրէ Պարոն Քէմպըլ: 

Ան կ’աւելցնէ որ կախեալ թէ որ մէկ հողէն մէկը կ’ուգայ, պատմութիւնները, հոգիները, և կապերը բոլորն ալ կը տարբերին: 

“Իմ Կուրինճի կողմը, որ հօրս կողմն է, անապատ Երկիր է: Կենդանիները տարբեր են, եղանակները տարբեր են, ուրեմն պատմութիւնները եւս տարբեր էին (իմ մօրս կողմէն): 

Պարոն Քէմպըլ կ’ըսէ որ այս պատմութիւնները միահիւսուած էին հողի մասին գիտելիքներու և դասերու հետ, օրինակ երբ և ինչ որսալ և սխալ եղանակին կրակի հետ խաղալու հետեւանքները:
Պրէտլի Հարտի հպարտ Նկեմպա, Ուալարայ, Քումա և Քամիլարոյ մարդ մըն է և ժամանակակից պահապանը ձուկի թակարդներուն, որոնք կը գտնուին Barwon գետի եզերքը: 

Ան գետը կը նկարագրէ որպէս իր “արիւնը և ինքնութեան հաստատումը:”

Պարոն Հարտի կը շարունակէ պատմութիւններ պատմել իր հողի մասին, աշխատելով որպէս տեղական առաջնորդը թանգարանին: 

Ան կ’ըսէ որ պատմութիւնները պէտք է կենդանի պահէ փոխանցելով յաջորդ սերունդին: 

“Շրջապտոյտը երբեք իմ մասին չէ, այլ իմ նախնիները պատուելու համար է, կիսելով երիտասարդներուն հետ և հարթակ մը տեղադրելով երիտասարդներուն համար որ կիսեն մեր պատմութիւնները աշխարհին հետ, և մեր պարտականութիւնն է այդ ընելը,” կը բացատրէ Պարոն Հարտի:
Copy of Untitled Design.png
Bradley Hardy and Brewarrina Aboriginal Fishing Traps. Credit: Bradley Hardy.

Հասկնալ սուրբ տեղերը

Ձուկերու թակարդները Պրեուարրինայի մէջ կը ճանչցուին որպէս աշխարհի ամենահին մարդոց ձեռքով կառուցուածքներէն մէկը, թակարդները կը բաղկանան քառերէ որոնք յատուկէն տեղադրուած են ձկնորսութեան համար, կը բացատրէ Պարոն Հարտի: 

Վայր մըն է ուր տարբեր ցեղախումբեր կը հաւաքուէին:
Սուրբ վայր մըն է, պէտք է փորձենք պաշտպանել զայն: Գլխաւորաբար մեր ժողովուրդին համար է: Մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է մարդոց, մեր երիտասարդներուն և աշխարհին իմացնել այդ յատուկ տեղերու մասին:
Bradley Hardy
Աունթի Տէյտրի նաեւ կը մատնանշէ կարեւորութիւնը գիտնալու սուրբ վայրերու մասին այդ վայրերը այցելելէ առաջ: 

“Այդ վայրերը պէտք է այցելել պատմութիւնը ուսումնասիրելէ ետք, ինչպէս օրինակ մարդոց և կանանց վայրերը,” կը բացատրէ ան:
First nation Australian aboriginal people using spears to hunt seafood in Cape York Queensland Australia
Silhouette image of First Nation Australian aboriginal people, father and son, going to hunt seafood in Cape York, Queensland, Australia. Credit: Rafael Ben-Ari/Getty Images Credit: Rafael Ben-Ari/Getty Images
Սուրբ վայրերը Առաջին Ազգերու համար տարբեր են և զգալիօրէն կը տարբերին կախեալ Ազգէն: Մինչ որոշ վայրեր սուրբ կրնան ըլլալ մարդոց և կանանց համար, ուրիշներ աւելի սեռային-յատուկ կրնան ըլլալ, ծիսակատարողութիւններով կամ յատուկ նշանակութեամբ, կ’ըսէ ան: 

Աունթի Տէյտրի կ’ըսէ որ իր պարտականութիւնն է կրթել համայնքը այս սուրբ վայրերու մասին, և իսկապէս հաճոյք կ’առնէ կիսելով իր գիտցածը այցելուներու հետ: 

Կարեւոր է մօտենալ Բնիկներու սուրբ տեղերուն յարգանքով և խորհուրդ ստանալ տեղական Բնիկ համայնքներէն կամ հողի խորհուրդներէն:

“Անկախ այն հանգամանքէն եթէ ձուկի թակարդ մըն է կամ այլ պատմութիւններ տարբեր մասերու մէջ, կ’ուզենք որ մարդիկ երթան և իմանան մեր պատմութեան ճշմարտութիւնը,” կը բացատրէ Պարոն Հարտի:

Share